Chouchi







 
 
  REVUE DE PRESSE

2008-03-14
ՇՈՒՇԻՆ ՀԱՄԱՅՆ ՀԱՅՈՒԹԵԱՆ ՀԱՐՍՏՈՒԹԻՒՆՆ Է՚

ԱԶԴԱԿ՚ԻՆ ԿԸՍԷ ՙՇՈՒՇԻ ՎԵՐԱԾՆՈՒՆԴ՚ ՀԻՄՆԱԴՐԱՄԻ ՀԱՆՐԱՅԻՆ ԿԱՊԵՐՈՒ ՊԱՏԱՍԽԱՆԱՏՈՒՆ

18 Յունուարին հին տոմարով Սուրբ Ծննդեան գիշերը, համայն հայութեան համար նշանակալից եւ աննախադէպ իրադարձութիւն մը տեղի ունեցաւ` ՙՇուշի Վերածնունդ՚ հիմնադրամի նախաձեռնութեամբ կայացաւ ՙՇուշի - Բեթղեհէմ՚ հեռուստակամուրջը: Անիկա մեծ ոգեւորութիւն յառաջացուց տարբեր երկիրներու մէջ ապրող հայերուն մօտ եւ հաստատեց, որ Շուշին համայն հայութեան հարստութիւնն է:
ՙԱզդակ՚ այս օրերուն կապ հաստատեց ՙՇուշի Վերածնունդ՚ հիմնադրամի հանրային կապերու պատասխանատու Մարիանա Գրիգորեանին հետ` աւելի մանրամասն տեղեկանալու հեռուստակամուրջի նպատակներուն եւ արդիւնքներուն մասին: Մարիանա Գրիգորեան տեղեկացուց, որ հեռուստակամուրջին մասնակցողներուն աշխարհագրական տարածումը բաւական լայն էր` Հայաստանի եւ Արցախի տարբեր շրջաններէն մինչեւ Ռուսիա, ԱՊՀի այլ երկիրներու քաղաքներ, Միացեալ Նահանգներ, Կիպրոս, Լեհաստան, Անգլիա, Լիբանան, Իրան, Հոլանտա, Ֆրանսա, Յունաստան, Նորվեկիա եւ այլ երկիրներ: Նախնական տուեալներով, ներդրումային ծրագիրներուն եւ հանգանակութիւններուն ընդհանուր գումարը եղած է շուրջ 5,7 միլիոն ամերիկեան տոլար, ինչպէս նաեւ ներկայացուած են Շուշիի մէջ ներդրումներ կատարելու գործնական առաջարկներ: Ըստ Մ. Գրիգորեանի, առաջարկներ եղած են Շուշիի մէջ գործարար համաժողովներ կազմակերպելու միջոցով Շուշին դարձնել ՙՀայկական Տաւոս՚: Ինչպէս նշեց Մարիանա Գրիգորեան, այս եւ բազմաթիւ այլ գաղափարներու եւ մտայղացումներու իրականացումը թոյլ կու տայ, որ Շուշին դառնայ համահայկական մշակութային մայրաքաղաք եւ զբօսաշրջութեան կեդրոն: Հիմնադրամին ծրագիրը` ՙՀեռուստատեսային կամուրջին շուրջ ստեղծուած աշխուժութիւնն ու խանդավառութիւնը յոյս կը ներշնչեն, որ բերդաքաղաքի վերածնման խնդիրը կը լուծուի բոլորիս միասնական ջանքերով՚, ըսաւ մեր զրուցակիցը:
2007ին մշակուած Շուշիի նոր գլխաւոր յատակագիծին համաձայն, 2020ին Շուշին ողջ հայ ժողովուրդի համար կը դառնայ ազգային աւանդոյթներու վառ արտայայտութեան կեդրոն, հայոց պատմութեան, ճարտարապետութեան, արուեստի եւ մշակոյթի առաջատար եւ խնամատար, ինչպէս նաեւ բնակչութեան համար յարմարաւէտ, բարգաւաճ եւ ինքնաբաւ քաղաք մը. ՙՇուշին հայ ժողովուրդի ինքնիշխանութեան համար դարերով տարուած պայքարի ֆիզիքական վկայութիւնն է: Քաղաքը, որ ժամանակին 35 հազար բնակիչ ունէր, դարձած է իր նախկին մեծութեան լոկ կաղապարը: Պատմութեան ընթացքին Շուշին արուեստի, փիլիսոփայութեան, գրականութեան, գիտութեան, կրթութեան կեդրոն էր, որուն ուղղուած էր ողջ հայութեան հայեացքը՚, կըսէ Մարիանա Գրիգորեան` յիշեցնելով 1920ի սարսափելի դէպքերը, երբ Շուշին ստացաւ աննախադէպ հարուածներ, որոնց յաջորդեցին խորհրդային կարգերը եւ քաղաքը ընկղմեցաւ մոռացութեան եւ լքուածութեան գիրկը: ՙՇուշի Վերածնունդ՚ հիմնադրամի անդամները վստահ են, որ այսօր Շուշին պատրաստ է կրկին դառնալ արուեստի կեդրոն` զերծ առօրեայ ունայնութենէն: Անոնք կը հաւատացնեն, որ Շուշիի վերածնունդն այսօր կախուած է այն նոյն հզօր ոգիէն, որուն շնորհիւ դարեր առաջ հիմնադրուած է քաղաքը
ՙՃիշդ այդ ոգին էր, որ 8 Մայիս 1992ին ազատագրեց Շուշին: Այս հերոսամարտին եւ Արցախեան պատերազմի յաղթական աւարտին իրենց լուման ներդրած են ամբողջ աշխարհի հայերը, այդ կարգին եւ` լիբանանահայերը, որոնք առանձինն վառ էջ գրած են հայ ժողովուրդի ազգային ազատագրական պայքարին մէջ: Այսօր ալ Շուշիի վերածնման խնդիրը պէտք է մարտահրաւէր դառնայ համայն հայութեան համար, եւ այդ խնդիրը կը պահանջէ ուժերու համախմբում եւ աշխուժ մասնակցութիւն՚, ՙԱզդակ՚ին կըսէ Մ. Գրիգորեան:
Շուշիի վերականգնման եւ զայն համահայկական մշակութային մայրաքաղաք դարձնելու բարդ առաքելութիւնը ստանձնած է 2006ին Երեւանի մէջ ստեղծուած ՙՇուշի Վերածնունդ՚ հիմնադրամը, որուն հիմնադիրն ու հոգաբարձուներու խորհուրդի նախագահն է Երեւանի քաղաքապետ Երուանդ Զախարեանը: Հիմնադրամի հոգաբարձուներու խորհուրդին մէջ են Արցախի, Հայաստանի եւ Սփիւռքի ծանօթ գործիչներ` Արցախի թեմի առաջնորդ Պարգեւ արք. Մարտիրոսեանը, ժողովրդական դերասան Սօս Սարգսեանը, հայագէտ Արտեմ Սարգսեանը, Հայ Դատի Եւրոպական յանձնախումբի նախագահ Հիլտա Չոպոյեանը, Շուշիի գլխաւոր յատակագիծի համահեղինակ Սեդա Եաղուբեանը (Միացեալ Նահանգներ), ՙՈսկէ Ծիրան՚ միջազգային շարժանկարային փառատօնի նախագահ Յարութիւն Խաչատրեանը, Հայաստանի Ամերիկեան համալսարանի նախագահ Յարութիւն Արմէնեանը եւ այլ անձեր:
Ինչպէս կը տեղեկանանք, հիմնադրամը արդէն իրագործած է շինարարական, ընկերային, կրթական եւ մշակութային բնոյթի բազմաթիւ ծրագիրներ: Մշակուած է Շուշիի նոր գլխաւոր յատակագիծը, որ լաւագոյնս կը համադրէ պատմական նկարագիրի պահպանումն ու նոր կառուցապատումը: Քաղաքին մէջ արդէն կը գործէ Արցախի միակ` ՙԵրեւան՚ շարժապատկերային սրահը` ժամանակակից սարքաւորումներով օժտուած, արդէն կառուցուած է եւ կը գործէ Արուեստի, արհեստներու եւ զբօսաշրջութեան կեդրոնը, մասնակի ամրացուած է հանրայայտ բերդապարիսպը (մասնաւորապէս` Ջրաբերդի դարպասը) եւ սկսած են պատմական ՙԿանաչ՚ դեղարանի վերականգնման աշխատանքները: Շուտով (գարնան) կը սկսի գործել ժամանակակից տպարանը, որ կը վերականգնէ Շուշիի` իբրեւ տարածաշրջանի վաղեմի կեդրոնին աւանդոյթները:
Հիմնադրամի ծրագիրներէն կը տեղեկանանք, որ նախատեսուած են բազմաթիւ մշակութային միջոցառումներ, համերգներ, փառատօներ, որոնք (կակնկալուի) Շուշի կը բերեն զբօսաշրջիկներու մեծ խումբեր:
Իսկ հիմնադրամի այս տարուան ամէնէն մեծ եւ կարեւոր բարեգործական ծրագիրը Շուշիի ջրամատակարարման եւ կոյուղիի ցանցի վերականգնումն է:
ՙՇուշի Վերածնունդ՚ հիմնադրամի հանրային կապերու պատասխանատուն ՙԱզդակ՚ին կըսէ, որ հիմնադրամը իր ծրագիրներու մէջ մեծ ուշադրութիւն կը դարձնէ ներդրումային առաջարկներուն, որոնք կարելիութիւն կու տան գործարարներուն` շահաւէտ գործեր հիմնադրել Շուշիի մէջ` միաժամանակ ծառայելով բերդաքաղաքի վերածնման ՙՇուշին մեր ժողովուրդի անգին հարստութիւնն է: Անոր վերածնունդը սէր, հաւատք, ուշադրութիւն եւ ներդրումներ կը պահանջէ: Շուշին մեզի կը սպասէ եւ կոչ կուղղէ հայ ժողովուրդին` դառնալու յառաջամարտիկ, նիւթապէս օժանդակելու, օգնելու հայոց միակ պահպանուած ու այսօր վերածնունդ ապրող բերդաքաղաքին եւ միացեալ Հայաստանին՚, կըսէ Մարիանա Գրիգորեան:

"Ազդակ" օրաթերթ, Բեյրութ,16.02.2008

http://www.aztagdaily.com//DisplayPage.php?page=6


2008-03-26
Воспоминания о Шуши

88 лет назад армянский город-крепость был в буквальном смысле слова предан огню и мечу
Кривые улочки легендарного города полны истории. Ты идешь по Шуши и тебе...

2008-03-26
Воспоминания о Шуши

88 лет назад армянский город-крепость был в буквальном смысле слова предан огню и мечу
Кривые улочки легендарного города полны истории. Ты идешь по Шуши и тебе...

2008-03-14
ՇՈՒՇԻՆ ՀԱՄԱՅՆ ՀԱՅՈՒԹԵԱՆ ՀԱՐՍՏՈՒԹԻՒՆՆ Է՚

ԱԶԴԱԿ՚ԻՆ ԿԸՍԷ ՙՇՈՒՇԻ ՎԵՐԱԾՆՈՒՆԴ՚ ՀԻՄՆԱԴՐԱՄԻ ՀԱՆՐԱՅԻՆ ԿԱՊԵՐՈՒ ՊԱՏԱՍԽԱՆԱՏՈՒՆ

18 Յունուարին հին տոմարով Սուրբ Ծննդեան գիշերը, համայն հայութեան համար նշանակալից եւ...

2008-02-26
Shushi Revival Fund is set to undertake a fundamental makeover of the city


by Betty Panossian-Ter Sarkissian
YEREVAN – Throughout the night of January 18–19 a telebridge was broadcast live on Armenia’s National TV channel uniting Shushi with Bethlehem, Yerevan, Moscow, and the Armenian diaspora.
Organized by the Shushi Revival Fund, the Shushi-Bethlehem...

2008-02-26
Shushi Revival Fund is set to undertake a fundamental makeover of the city


by Betty Panossian-Ter Sarkissian
YEREVAN – Throughout the night of January 18–19 a telebridge was broadcast live on Armenia’s National TV channel uniting Shushi with Bethlehem, Yerevan, Moscow, and the Armenian diaspora.
Organized by the Shushi Revival Fund, the Shushi-Bethlehem...

2008-02-05
В ходе телемоста Шуши (Нагорный Карабах) – Вифлеем собрано около $5,7 млн

В ночь с 18 на 19 января в эфире Общественного телевидения Армении состоялся уникальный в своем роде телемост Шуши - Вифлеем. В прямом эфире Ереван связался с Шуши,...

2008-02-05
В ходе телемоста Шуши (Нагорный Карабах) – Вифлеем собрано около $5,7 млн

В ночь с 18 на 19 января в эфире Общественного телевидения Армении состоялся уникальный в своем роде телемост Шуши - Вифлеем. В прямом эфире Ереван связался с Шуши,...

2008-01-22
Շուշի—Բեթղեհեմ—Մոսկվա

Բերդաքաղաքը՝ հայության ուշադրության կենտրոնում

«Շուշիի վերածնունդ» հիմնադրամը Հայաստանի հանրային հեռուստաընկերության հետ համատեղ այսօր ժամը 21։30—ին...

2008-01-22
ДЛЯ ТЕБЯ, ШУШИ

Этот маленький городок, что, словно орлиное гнездо, притулился на склоне высоких гор, чье название ласкает слух нежным шуршанием истории и чьи величественные...


1 2 3 4 5 6 7 8 9 10 11 12